Սփութնիք 1
Սփութնիք 1, աշխարհի առաջին կեղծ արբանեակն է: Խորհրդային միութեան կողմէ 4 Հոկտեմբեր 1957-ին ուղեցիր կը տեղադրուի: Ասիկա տեղի կ'ունենայ պաղ պատերազմի ընթացքին եւ երկու մրցող ուժերու միջեւ անջրպետային պատերազմի մը սկիզբը կը դառնայ:
Արտաքին Յատկանիշներ
Արբանեակին կշիռքը 80 քկ. է: Տրամագիծը 58 սմ., ուղեցիրին բարձրութիւնը 250 քմ. էր: Գունդի ձեւով մարմին մըն է բաժնուող 4 երկար ցօղուններով՝ որոնք 2,4 մ. ու 2,9 մ. երկայնք ունին: 20 եւ 40 Մհզ ուժով երկու ձայնասփռիչ ունէր, որու ազդանշանները իյօնօսֆէրի ելեկտրոնային խտութիւնը հաշուելու համար կը գործածուէին: Արբանեակի ներսի ճնշումը եւ տաքութիւնն ալ այս ազդանշաններով կը փոխադրուէին: Այսպիսով արբանեակին արտաքին մեթերոիտով մը հարուածուած չըլլալը կրնային քննել: Արբանեակին ճնշում ունեցող ներքին մասը նիդրոժէնի կազով մը լեցուած էր: Արբանեակին հարուածի մը բնաւ չենթարկուիլը կը նշմարեն՝ որ կը փաստէր աշխարհի ուղեցիրի ապահովութիւնը:
Արձակումը
Սփութնիք 1-ը դէպի անջրպետ (այժմ Քազախիստանի վրայ գտնուող) Պայքոնուր Անջրպետի Կեդրոնէն կ'արձակուի: Ռուսերէնով Սփութնիք բառը արբանեակ կը նշանակէ, իսկ իր պաշտօնական անունը «Կեղծ Աշխարհի Արբանեակ» է: Արձակուելուն իսկական պատճառը ծանուցողական է, իսկ յայտարարուած պատճառը՝ Համաշխարհային կենսանաբանագիտութեան բնագիտութեան տարուան աշխատանքներուն օգնելն է:
Նախապատրաստական Աշխատանքներ
Երբ Խորհրդային միութիւնը դէպի աշխարհ ուղեցիր արբանեակ ղրկելու արհեստագիտութեան կարողութիւնը կ'ունենայ, Խորհրդական միութեան Գիտութեան Աքաթեմիաէն Մսթիսլավ Քէլտիշ, տիեզերքի մէջ փորձեր ընելու կարողութիւնը ունեցող 1500 քկ. կշիռքով արբանեակ մը կը ծրագրէ, բայց այդ օրերուն խորհրդային միութեան գաղտնի ոստիկանութիւնը, Ամերիկայի միացեալ նահանգներու տիեզերքը պարզ արբանեակ մը ղրկելու ծրագիրը կը սորվի քննելու ուղեցիր հասնելու կարողութիւնը: Ամերիկայէն պարզ արբանեակի գաղափարը առնող խորհրդային միութիւնը, ետ չմնալու համար, անմիջապէս Սփութնիք 1-ը կը յառաջացնէ: Այսպիսով դէպի աշխարհ ուղեցիր աւելի սուղ արբանեակներու ղրկուիլն ալ պիտի քննարկուէր: Արբանեակը պէտք էր Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան տարեդարձին հասնէր: Արբանեակին եւ հրթիռին նախագիծը Սերկէյ Քորոլովի կողմէ կը կատարուի: Այդ արբանեակը Ամերիկայ պազ արբանեակը՝ Վանկարտէն շատ աւելի ծանր էր: Ամիսներ ետք երբ Վանկարտ ուղեցիր կը մտնէ, Նիքիթա Քրուչեւը զինք ծաղրելով «գրեյփրութ» կը կոչէ:
Գործընթացը
Մինչեւ որ Սփութնիք 1-ի բարտերը սպառին, 3 շաբաթ ազդանշաններ կը փոխադրէ: Սակայն կարելի է տակաւին աշխարհէն իր ուղեցիրը դիտել: Օր ըստ օրէ արբանեակին ուղեցիրը կը ցածնայ, եւ անոր արձակուելէն 92 օր էտք՝ 4 Յունուար 1958-ին օդային մթնոլորտ մտնելով կ'այրի: Արբանեակը ուղեցիրին վրայ 1400 շրջան կ'ընէ եւ 70 միլիոն քմ. ճամբայ կը կտրէ:
Սփութնիքի դիմաց Ամերիկայի միացեալ նահանգները տիեզերք արբանեակ ղրկել կը փորձէ, բայց իր առաջին փորձերը չեն յաջողիր: Ամերիկան դէպի անջրպետ հազիւ 1958-ին արբանեակ մը կ'ուղարկէ: Այս անյաջողութիւը, Ամերիկայի կրթութեան ծրագիրին եւ ձեւը քննարկելուն, հրթիռի գիտութեան եւ գիտութեան հետաքրքրութին մը ստեղծուելուն ու անջրպետի ծրագիրներու յատկացուած դրամին աւելնալուն պատճառ կը դառնայ: Այս յառաջացումները տիեզերքի մրցումներուն սկիզբը կը համարուի:
Աղբիւրներ
- Walter A. McDougall "Shooting the Moon", American Heritage, Winter 2010.