[go: nahoru, domu]

Jump to content

Պալքանեան միախառն անտառներ

Բնապահպանուած անտառախիտ շրջան
Պալքանեան միախառն անտառներ
Պալքանեան միախառն անտառներուն տարածքը, PA0435
Երկիր Պուլկարիա, Յունաստան, Հիւսիսային Մակեդոնիա, Սերպիա, Պոսնիա-Հերցեկովինա, Ռումանիա, Քոսովօ եւ Եւրոպական Թուրքիա
Տարածութիւն 224 344 քմ²

Պալքանեան միախառն անտառներ․ Եւրոպայի ցամաքային բնապահպանման շրջան մը, ճշդուած Բնութեան համաշխարհային հիմնադրամին (WWF) կողմէն։

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պալքանեան միախառն անտառները կ՛անտառեն արեւելեան Պալքանեան թերակղզիին (մասնաւորաբար Պուլկարիա) տարբեր բարձրութիւններու վրայ գտնուող հովիտներ, դաշտեր եւ լեռնային դարվարներ, ինչպէս նաեւ Պալքանեան (Էմոս), Ռոտոփի, Ռիլա, լեռնազանգուածներուն ոչ բարձրադիր մասերը, ուր կը գտնուին Ռոտոփի լեռնային միախառն անտառները։

Անտառները մինչեւ Սեւ ծովուն ափերը կը հասնին․ Պուլկարիա

Անոնք կ՛ընդգրկեն 224.344քլ² տարածութիւն մը։ Կը գտնուին Պուլկարիոյ, Յունաստանի, Հիւսիսային Մակեդոնիոյ, Սերպիոյ, Պոսնիա-Հերցեկովինայի, Ռումանիոյ, Քոսովոյի եւ Եւրոպական Թուրքիոյ երկրամասերուն միջեւ։

Բուսականութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պալքանեան միախառն անտառները ապաստանարանն են դիւրաթափ կաղնիներուն, անտառային հաճարենիին, սեւ շոճիին, սկովտեան շոճիին, Պոսնեան շոճիին, Մակեդոնական շոճիին, սպիտակ մայրիին եւ սովորական եղեւնիին։ Բարձրադիր մասերուն կը հանդիպինք Ալպեան գօտիի բուսականութեան։

[1] [2]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]